Ի՞նչ է Ոսկէթելը։
23 Tem
1 dakikada okunur

Ամէն ժողովուրդ իր անցեալը ոչ միայն քարերու, ձեռագիրներու կամ յուշարձաններու վրայ կը կերտէ, այլ նաեւ կը հիւսէ զայն իր պատմած պատմութիւններով։ Մերթ՝ մեծ մօր մը մեղմ ձայնով, մերթ՝ աշուղի երգով, իսկ երբեմն ալ՝ խարոյկի շուրջ շշնջուած հին առասպելով...
Ոսկէ Թելը այն անտեսանելի թելն ու կամուրջն է, որ այս բոլոր պատմութիւնները իրարու կը կապէ՝ զանոնք հիւսելով մէկ միասնական պատմութեան մէջ։
Նշանին կեդրոնը գտնուող յաւերժութեան հանգոյցը կը խորհրդանշէ սերունդէ սերունդ փոխանցուող հեքիաթներու եւ աւանդութիւններու անվերջ ընթացքը։ Ամէն պատմութիւն ծնունդ կ՛առնէ իրեն նախորդող պատմութենէն, ապա կեանք կ'առնէ յաջորդին մէջ՝ կազմելով սկիզբ ու վերջ չունեցող պատմողական շղթայ մը։


Yorumlar